2015-02-24 10:39:49

Հռոմի Քուրիայի` Քառասնորդացի Հոգեւոր կրթութեան խորհրդածութեան նիւթերը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 22 փետրուարի երեկոյեան ժամը 6-ին, Հռոմի Արիչչա շրջանին մէջ, սկիզբ առած Սուրբ Աթոռի վերին իշխանութեան եւ սրբազան քահանայապետի մասնակցութեամբ քառասնորդացի աւանդական մէկ շաբթուայ Հոգեւոր կրթութիւնը կը շարունակուի ու վերջ պիտի գտնէ ուրբաթ 27 փետրուարի առաւօտեան։
Հոգեւոր կրթութեան երրորդ օրուայ երկու խորհրդածութիւններու նիւթերը հիմնուած են ''ազատութեան ուղիներ'' ընդհանուր նիւթին վրայ։ Այս ուղղութեամբ, օրուան առաջին խորհրդածութեան խորագիրն է ''Իմ կեանքս արժէք մը ունի. Ունայն կուռքերէն, ճշմարիտ բարեպաշտութիւն''։ Իսկ երկրորդ խորհրդածութեան խորագիրն է ''Փախուստէն ուխտագնացութիւն` անձկութենէն անդին, դէպի կեանք''։
Յայտնենք թէ չորրորդ օրուայ, 25 փետրուարի` խորհրդածութեան նիւթերը հիմնուած են` ''Թոյլ տալ որ Աստուած մեզ զարմացնէ'' նիւթին վրայ եւ այս նիւթէն մեկնելով երկու խորհրդածութիւնները պիտի կենդրոնանան հետեւեալ նիւթերու վրայ ''Մեղմ լռութեան ձայնը. Աստուած տարբեր է եւ այլուր'', ''Զաւակդ տուր ինծի. Աղքատները աւետարանիչ են''։








All the contents on this site are copyrighted ©.